կարևոր
826 դիտում, 1 ժամ առաջ - 2025-11-11 22:57
Աշխարհ

Լիբանանի սահմաններում պետք է պահպանվի հայկական դիմագիծը․ ՀՅԴ

Լիբանանի սահմաններում պետք է պահպանվի հայկական դիմագիծը․ ՀՅԴ

ՀՅԴ Լիբանանի կոմիտեի պատվիրակությունը այցելել է Մխիթարյան Հայրերի վարժարան:

«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի եւ ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ՝ նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ Արծիւ Տէր Խաչատուրեանի երեքշաբթի, 11 նոյեմբեր 2025-ին այցելեց Մխիթարեան հայրերու Ռաուտայի վարժարան, ուր հանդիպում ունեցաւ կառոյցի տնօրէն հայր Կորիւն Նարեկ Ճէնանեանի հետ։

Պալապանեան յայտնեց, որ այցելութեան նպատակն է ծանօթացումի եւ քննարկումի առիթ ստեղծել։ Այս քայլով կարելի կը դառնայ մօտէն ծանօթանալ վարժարանի գործունէութեան եւ դիմագրաւուած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ այս նախաձեռնութիւնը ճամբայ կը հարթէ հետագայ գործակցութեան համար։ Ան հաստատեց, որ Լիբանանի սահմաններուն մէջ պէտք է գոյանայ համահայկական հաւաքական աշխատանքի դրսեւորում, որպէսզի կարողանանք պահպանել հայկական դիմագիծը։

Տնօրէն հայր Կորիւնը իր կարգին կարեւոր եւ օգտաշատ նկատեց նախաձեռնութիւնը։ Ան ներկայացուց վարժարանի պատմական ընթացքը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ անոր ներկայ գործունէութեան եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն։

Ապա պատուիրակութիւնը շրջեցաւ դպրոցը եւ զրոյցներ ունեցաւ ուսուցիչներու հետ՝ աւելի մօտէն ծանօթանալով անոր գործունէութեան»։