կարևոր
2416 դիտում, 10 ամիս առաջ - 2023-06-06 17:41
Քաղաքական

Ոտ­քի կանգ­նի՛ր, յու­նա­հա­յու­թիւն

Ոտ­քի կանգ­նի՛ր, յու­նա­հա­յու­թիւն

Ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դը, Ար­ցա­խէն ու ­Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ Ս­փիւռ­քի ծայ­րա­մա­սե­րը, մտա­հո­գու­թեամբ կը հե­տե­ւի ­Հա­յաս­տա­նի, Ատր­պէյ­ճա­նի ու մեծ ու­ժե­րուն մի­ջեւ շա­րու­նա­կո­ւող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցում­նե­րուն, այս­պէս կո­չուած «խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նա­գի­րի» ընդ­հա­նուր տա­րա­զու­մին մէջ, ո­րուն հիմ­նա­կան եւ ա­մէ­նէն մտա­հո­գիչ բա­ժի­նը դար­ձած է Ար­ցա­խի ու ա­նոր վրայ ապ­րող ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գան։

Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր, փո­խա­նակ փա­րա­տին իւ­րա­քան­չիւր հա­յու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը ու հայ­րե­նի ղե­կա­վա­րու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ յստակ դառ­նայ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ու ա­զատ ապ­րե­լու կամ­քին տէր ըլ­լա­լու վճռա­կա­մու­թիւ­նը, ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տի իսկ բե­րա­նէն կը յայ­տա­րա­րո­ւի՝ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ատր­պէյ­ճա­նի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան «յար­գու­մի» վար­կա­ծին տակ, Ար­ցա­խը Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մին մէջ տես­նե­լու կա­մա­յա­կան ու մեր­ժե­լի բա­նա­ձե­ւու­մը։

Չ­կայ ո­րե­ւէ պատ­մա­կան, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան, ազ­գագ­րա­կան ու մշա­կու­թա­յին հիմք, որ կրնայ դոյզն իսկ ար­դա­րաց­նել հայ­րե­նի ղե­կա­վա­րու­թեան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ու մա­նա­ւանդ՝ ա­նոնց շուրջ զար­գա­ցող մե­ծա­պե­տա­կան ո­րե­ւէ փո­փո­խու­թիւն, յա­նուն այն կեղծ «խա­ղա­ղու­թեան» պար­տադ­րան­քին, որ կը մի­տի խեղ­դել ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ան­կաշ­կանդ ապ­րե­լու պայ­քա­րը։

Իսկ երբ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­մէն կեր­պով եւ ա­մէն պա­հուն կը հո­լո­վեն «խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նա­գիր»-ը շու­տա­փոյթ ստո­րագ­րե­լու նպա­տա­կը, ան­դին, մեր թշնա­մին ա­մէն ձե­ւով, իր նո­ւա­ճո­ղա­կան ու հա­յա­տեաց քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը զգա­լի կը դարձ­նէ բռնի ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան մի­ջոց­նե­րով, սպառ­նա­լիք­նե­րով, ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով, ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, հայ զի­նո­ւոր­նե­րու կեան­քը խլե­լով, ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը խախ­տած ըլ­լա­լով, վեց ա­մի­սէ ա­ւե­լի ­Լա­չի­նի մի­ջանց­քը գրա­ւած ըլ­լա­լով, օր ցե­րե­կով հայ զի­նո­ւոր­ներ ա­ռե­ւան­գե­լով, Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թեան ու ժո­ղո­վուր­դին վրայ «հա­մա­նե­րու­մի» կեղծ հրա­ւէր­ներ կար­դա­լով, ­Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան ծանր զի­ջում­ներ պար­տադ­րե­լով։

­Տա­կա­ւին, պէտք է կոյր ըլ­լալ ու չտես­նել, թէ Ա­լիե­ւի սպառ­նա­լիք­ներն ու ներ­ման կեղծ յոր­դոր­նե­րը կը խրա­խու­սո­ւին մե­ծե­րուն կող­մէ, յստա­կօ­րէն ձե­ւա­ւո­րած ըլ­լա­լով Ար­ցա­խը Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մին մէջ նե­րառ­նե­լու՝ ա­ռաջ քշո­ւող քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

Ա­հա, ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ու հե­տե­ւա­բար ­Հա­յաս­տա­նի վրայ սպառ­նա­ցող այս մեծ վտանգ­նե­րուն տակ է, որ ­Չո­րեք­շաբ­թի, 7 ­Յու­նի­սի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6-ին, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը կը հրա­ւի­րէ ամ­բողջ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը ԱՐՑԱԽԻՆ ՀԱՄԱՐ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԻՆ, Ա­թէն­քի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տան շէն­քին առ­ջեւ։ ­Մե­ծով ու պզտի­կով հո՛ն պի­տի մէկ­տե­ղո­ւինք, ցոյց տա­լու հա­մար Ար­ցա­խի մեր քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայ­րե­րուն, թէ ա­նոնց գո­յու­թե­նա­կան պայ­քա­րը կը պատ­կա­նի ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դին, այն­պէս ինչ­պէս ե­րե­սուն տա­րի ա­ռաջ Ար­ցա­խի ա­զա­տագրու­թեան հե­րո­սա­պա­տու­մը դար­ձաւ հա­մա­հայ­կա­կան գա­ղա­փար ու ներշն­չում, որ սե­րունդ­նե­րու եր­թը կեն­սա­ւո­րեց ա­զատ ու ան­կաշ­կանդ ապ­րե­լու գե­րա­գոյն խոր­հուր­դով։

44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք, Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան, այ­լեւ գա­ղու­թա­յին մեր գոր­ծօն­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ ու մաս­նակ­ցու­թեամբ, ար­դէն ե­րեք տա­րիէ ի վեր, պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն ու ա­նոր դառն ա­ւար­տէն ետք, մեծ թի­ւով մի­ջո­ցա­ռում­ներ կազ­մա­կեր­պո­ւած են Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին պաշտ­պա­նու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տան առ­ջեւ բո­ղո­քի չորս ցոյ­ցեր, Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան գրա­սե­նեակ­նե­րուն առ­ջեւ եր­կու ցոյ­ցեր, ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կին վրայ եր­կու հա­ւաք­ներ եւս, Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան կրպակ­ներ ­Սին­տաղ­մա­յի վրայ, լրագ­րա­կան շրջա­նակ­նե­րու մօտ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան լայն աշ­խա­տանք եւ դեռ ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան վեր­նա­խա­ւին հետ հան­դի­պում­ներ ու նա­մակ­նե­րու յանձ­նում, որ­պէս­զի մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը եւ ­Հա­յաս­տա­նի դաշ­նա­կից­նե­րը սա­տար հան­դի­սա­նան Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին։

Վս­տա­հա­բար, որ այս տե­սա­կի հա­ւաք­ներ ու բո­ղո­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ պի­տի շա­րու­նա­կուին, ու մեր գա­ղու­թա­յին գոր­ծօն­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան կե­ցուածք­նե­րը ա­ւե­լի պի­տի սաստ­կա­նան։

­Սա­կայն այ­սօր, այս պա­հուն, երբ թշնա­մին կը փոր­ձէ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան մէջ­քը կոտ­րել, երբ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նէն հնչող պաշ­տօ­նա­կան խօս­քե­րը ո­րե­ւէ յոյս չեն ներշն­չեր, մենք բո­լորս ՊԻՏԻ ՄԷԿՏԵՂՈՒԻՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑՈՂ հայ­րե­նի դես­պա­նա­տան առ­ջեւ, որ­պէս­զի ա­մէն գնով, ուժ­գին ու շեշ­տա­կի, մեր զօ­րակ­ցու­թեան ձայ­նը հաս­նի Ար­ցա­խի հո­ղին վրայ ա­մուր կանգ­նած «­Մա­մի­կին ու ­Պա­պի­կին», ե­րե­խա­յին, ժո­ղո­վուր­դին, մարտն­չող ե­րի­տա­սար­դին, նոյ­նիսկ ղե­կա­վա­րու­թեան։

Վս­տանք ըլ­լանք, որ ե­թէ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ու­նե­նար իր դի­ւա­նա­գի­տա­կան պաշ­տօ­նա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը Ա­թէն­քի մէջ, մենք բո­լորս հոն պի­տի ըլ­լա­յինք, Ար­ցա­խի դրօ­շին ներ­քեւ, ա­նոր պե­տա­կան մէկ միա­ւո­րի շու­քին տակ։ ­Սա­կայն, այ­սօր՝ ինչ­պէս եւ ան­ցեա­լին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, իր պե­տա­կան ամ­բողջ կա­ռոյ­ցով, պէտք է շա­րու­նա­կէ տէր ու պաշտ­պան կանգ­նիլ Ար­ցա­խի ա­զատ գո­յա­տեւ­ման, ա­նոր ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին, ա­զատ շնչե­լու իր ա­պա­գա­յին։

­Մեր բո­լո­րին պարտքն է՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 7 ՅՈՒՆԻՍԻՆ, հա­մա­խումբ, ձեռք-ձեռ­քի տո­ւած, մեր հնչեղ ներ­կա­յու­թիւ­նը ցու­ցա­բե­րենք հայ­րե­նի պե­տու­թեան շէն­քին առ­ջեւ, ո՛չ թէ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան դէմ բո­ղո­քե­լու, այլ մեր ձայ­նը լսե­լի դարձ­նե­լու հա­մար ­Հա­յաս­տա­նի ղե­կը գտնուող պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, բայց մա­նա­ւանդ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին ցոյց տա­լու, թէ մի­նակ չէ, ա­նոր կող­քին յու­նա­հա­յու­թիւ­նը եւս պայ­քա­րի հու­նին մէջ կը մնայ զօ­րա­վիգ։

Ի զուր կը փոր­ձեն հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան կարգ մը ան­հատ­ներ, ո­րոնք օգ­տա­գոր­ծե­լով պայ­քա­րի ու զօ­րակ­ցու­թեան այս պա­հը, ի­րենց մութ նպա­տակ­նե­րուն ման­րուք­նե­րը կը հա­շո­ւեն ու ի­րենց գո­յու­թեան նպա­տա­կը դար­ձու­ցած են յու­նա­հա­յու­թեան կամ­քի ջլա­տու­մը, մա­նա­ւանդ ի­րենց ստո­րին նպա­տակ­նե­րուն մէջ ծա­ռա­յեց­նե­լով սադ­րանք­ներ հրահ­րե­լու ան­միտ ու բա­րո­յա­կա­նու­թե­նէ զուրկ ա­մէն փորձ։

Ար­ցա­խի մա­հու կե­նաց պայ­քա­րի այս պա­հուն, յու­նա­հա­յու­թեան ամ­բող­ջա­կան զօ­րա­շար­ժը ա­ւե­լի քան եր­բեք հրա­մա­յա­կան է։ ­Բո­լորս միա­սին պի­տի մէկ­տե­ղո­ւինք հայ­րե­նի դես­պա­նա­տան շէն­քին առ­ջեւ, պի­տի բարձ­րաց­նենք զօ­րակ­ցու­թեան ձայ­նը, պի­տի յի­շեց­նենք մեր Ար­ծո­ւա­բոյն Ար­ցա­խի հա­յոր­դիին, որ իր պայ­քա­րը ար­դար է, սա­կայն ամ­բող­ջու­թեամբ մեր­ժե­լի են ա­մէն փոր­ձե­րը, ուր­կէ որ ալ ա­նոնք ա­ռաջ­նոր­դո­ւին, պո­կե­լու Ար­ցա­խը հայ ժո­ղո­վուր­դի ծո­ցէն։

­Բո­լորս միա­սին, յա­նուն Ար­ցա­խի, յա­նուն ­Հա­յաս­տա­նի ա­պա­հո­վու­թեան, յա­նուն հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րուն։

­Միաս­նա­կան ո­գիով, պայ­քա­րի գի­տակ­ցու­թեամբ, հա­մազ­գա­յին մասշ­տա­բով։

«Ազատ օր»ի խմբագրական