կարևոր
4588 դիտում, 10 ամիս առաջ - 2023-05-30 20:07
Աշխարհ

53 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն

53 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն

Նախորդ շաբթուան ընթացքին ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի շարքերէն եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու կոմիտէներէն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն միացան 53 նորագիրներ:

Կոմիտէներէն Կուսակցական Շարքերուն
Միացան 26 Անձեր

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105-ամեակին առիթով, ուրբաթ, 26 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կոմիտէներէն կուսակցական շարքերուն միացող 26 անձերու երդման արարողութիւնը:

Օրուան կնքահայր ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Յակոբ Խաչերեան նկատել տուաւ, որ երդման արարողութիւնները իրենց հասկացողութեամբ կը վերաբերին Դաշնակցութեան շարքերը մուտք գործողներուն, բայց եւ այնպէս անիկա նաեւ կը վերաբերի բոլորիս, որովհետեւ երդման արարողութեան ընթացքին կը վերանանք եւ մեր երդում տուած վայրկեանէն մինչեւ երդման վայրկեանը ժապաւէնի պէս կ՛անցնի մեր աչքերուն առջեւէն մեր կուսակցական կեանքը, դէպքերը եւ այդ վայրկեանը կը ստիպէ մեզի, որ վերակենդանանանք, վերանորոգենք մեր ուխտը, մենք մեզի խոստանանք շարունակել հաւատարիմ մնալ մեր երդման: Ան նկատել տուաւ, որ այսօր այդ վայրկեաններէն մէկն է, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք Լիբանանի տնտեսական եւ քաղաքական կացութիւնը, Միջին Արեւելքի քաղաքականութիւնը, հայաստանեան քաղաքականութիւնը, հայութեան իրավիճակը, սփիւռքի գաղութներու պարպումը, որոնք մեզի կը ստիպեն, որ աւելի փարինք մեր երդումին, աւելի ամուր կառչինք մեր խոստումին եւ կատարենք մեր դաշնակցական գործը: Յակոբ Խաչերեան առաջարկեց, որ կատարուելիք երդման արարողութեան վայրկեանը ապրինք բոլորս, վերադառնանք եւ մոռնանք մեր տարակարծութիւնները, ճղճիմ հարցերը, վերադառնանք մեր երդումին եւ ձեռք-ձեռքի տալով` շարունակենք մեր 125 տարիէն աւելի առաջ սկսած հիմնադիրներու գործը:

Խօսքը ուղղելով նորագիրներուն` Յ. Խաչերեան նկատել տուաւ, որ իրենց կարճ դաստիարակչական ծրագիրը ամէն բան չպատմեց այս կուսակցութեան լայն պատմութեան մասին, բայց ժամանակի ընթացքին պիտի սորվին եւ աւելի դաշնակցական պիտի դառնան: Ան նկատելտուաւ, որ այս կուսակցութիւնը միայն զէնք չէ, այլ միտք է, կամք է: Ան ըսաւ, որ անոնք երդում տալով, պիտի կտրեն գիծ մը` անցնելով տեղէ մը այլ տեղ, եւ այդ գիծը իրենց անձնական կեանքէն ոչ անձնական կեանքի անցնումն է: Խաչերեան ըսաւ, որ կան երկու արժանիքներ, որոնց համար բոլորս պատրաստ ենք տալու ամէն բան. հայ ազգ եւ հայու հայրենիք` Հայաստան:

Ան բացատրեց, որ ցարդ բոլորս տուած ենք երկու երդում. խոստացած ենք ծառան եւ հաւատացողը ըլլալ Հայ եկեղեցւոյ, այսինքն` քրիստոնեայ ըլլալ, երկրորդ խոստումը, երբ եկեղեցւոյ մէջ խոստացած ենք ընտանիք կազմել եւ զայն պահել: Ան դիտել տուաւ, որ այսօր անոնք պիտի տան երրորդ խոստումը, կամ ոմանց պարագային` երկրորդը, որ միակ խոստումն է, երդումն է, ուր կ՛ըսեն, որ պիտի տան ամէն բան, եթէ հարկ ըլլայ, նոյնիսկ իրենց կեանքը: «Այս խոստումը ոչ մէկ տեղ կը կատարուի, այլ մէկ անգամ կու տաք ձեր կեանքին մէջ, այդ ալ կու տաք հայ ժողովուրդի ծառայ կուսակցութեան, կանոնագրին, դրօշին վրայ դնելով ձեր ձեռքը:

Այս կուսակցութեան մէջ չկայ գնահատանք, չկայ շնորհակալութիւն, չկայ գովաբանութիւն, այլ կայ քննադատութիւն` մեր նեղ շրջանակին մէջ, ժողովներու ընթացքին, օրէնքով եւ կանոնով, շտկելու համար մեր ընթացքը, կայ նաեւ դուրսի քննադատութիւն, որուն մէջ կայ վիրաւորանք, բայց դաշնակցականը լայն սրտով կ՛ընդունի զայն», հաստատեց Խաչերեան` աւելցնելով, որ Դաշնակցութեան մէջ այլ հիւանդութիւն մըն ալ կայ, որն է` անբաւարարութիւնը:

Դաշնակցականը իտէալապաշտ է եւ իր բոլոր զոհողութիւններէն անդին` տակաւին բաւարարուած չէ եւ կը հաւատայ, որ աւելի լաւը կրնայ ընել: «Դուք պիտի չունենաք հոգեկան հանգիստ, ինչպէս բոլորս, մինչեւ այն օրը, երբ մեր մարմինը հանգչի եւ իջնենք փոս, ցուրտ հող, եթէ հայրենիքէն դուրս ենք, տաք հող, եթէ հայրենիքի մէջ ենք: Այդ օր միայն դաշնակցականը կը ստանայ իր բարի վարուց վկայագիրը, երբ այս դրօշակով կը պատուի իր դագաղը, եւ բոլոր ընկերները միաբերան կ՛երգեն` «Վէրքերով լի» երգը: Այս է մեր բաւարարութիւնը, այս է մեր բարենիշը միայն: Եթէ պատրաստ էք անոր, այսօր կը շարունակենք այս երդման արարողութիւնը», շեշտեց Խաչերեան:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւնը, որմէ ետք օրուան կնքահայր Յակոբ Խաչերեան բոլոր ներկաներէն խնդրեց միասնաբար երգել Դաշնակցութեան քայլերգը` «Մշակ, բանուոր»:

Աւարտին Յակոբ Խաչերեան նորագիր սերունդը կոչեց «Արմէն Գարօ» սերունդ, որուն մահուան 100-ամեակն է, եւ ան եղած է «Նեմեսիս» գործողութեան կազմակերպիչ ուղեղը:

Այնուհետեւ նորագիրները շնորհաւորութիւններ ընդունեցին ներկաներէն:

27 ԼԵՄ–ականներ Տուին Իրենց
Դաշնակցականի Երդումը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, չորեքշաբթի, 24 մայիս 2023-ին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 50-ամեակի նուիրուած աշխատանքներու մեկնարկը տրուեցաւ` «Յիսնամեայ պողպատեայ կամքով» խորագիրը կրող ձեռնարկով:

Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զաւէն Հաւաթեան: Ապա ցուցադրուեցաւ ԼԵՄ-ի վերջին 10 տարիներու աշխատանքները ներկայացնող տեսերիզ մը:

Անկէ ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն Նանի Գալուստեան ներկայացուց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 50-ամեակին նուիրուած աշխատանքները:

Ձեռնարկի աւարտին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի առաջին Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Տիգրան Ճինպաշեան տուաւ օրուան պատգամը: Անոր կնքահայրութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն միացան եւ իրենց դաշնակցականի երդում տուին 27 ԼԵՄ-ականներ, որոնք կոչուեցան «Արցախ» սերունդ:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ ԼԵՄ-ի նուագախումբը: