կարևոր
3913 դիտում, 11 ամիս առաջ - 2023-05-05 22:25
Աշխարհ Քաղաքական

Խմբագրական. Նոր ճանապարհային քարտէսի գաղտնաբառը

Խմբագրական. Նոր ճանապարհային քարտէսի գաղտնաբառը

Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք մայիսեան եռատօնի նշումը ա՛յլ նշանակութիւն ստացած է: Տօնական մթնոլորտը չքացած է հասկնալիօրէն: Որքան ալ եռատօնը կապուած ըլլար հայրենական պատերազմի յաղթանակին կամ պաշտպանութեան բանակի նուիրուած օրուան, այնուամենայնիւ ամէնէն շատ անիկա կը յատկանշուէր Շուշիի ազատագրումով: Հիմա 8 մայիսին վրայ պարտութեան, կորուստի ստուերը կայ ճնշիչօրէն, ինչ որ հիմնովին կ՛այլափոխէ եռատօնով խորհրդանշուող յաղթանակներու խորհուրդը:

8 մայիսը սակայն վերականգնումի համազգային յանձնառութեան օրուան պէտք է վերածել: Նոր դաւանանքի մշակման անհրաժեշտութիւնը հրամայական է, որուն իրացման մեկնարկը կը պայմանաւորուի Շուշիի վերաազատագրումով: Շուշիի եւ Հատրութի վերամիացումով միայն կ՛ընկալուի Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման գործընթացը, որ իբրեւ համազգային առաջադրանք պէտք է յայտարարուի: Այս առաջադրանքին շուրջ պիտի միաւորուի ամբողջ ազգը, նախ վերականգնելու համար Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անով իսկ վերաամրագրելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները:

Նոր հայեցակարգի համար կայ իրաւաքաղաքական կարեւորագոյն հիմք: Խօսքը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի որդեգրած ապաբռնագրաւման վերաբերող օրէնքին մասին է, որ ընդունուեցաւ փետրուար 2022-ին:

Օրէնքը կը սահմանէ 1991-1994 եւ 2016 թուականներուն` Ազրպէյճանի եւ 2020 թուականին` Թուրքիոյ եւ օտար զինեալ ահաբեկիչներու անմիջական մասնակցութեամբ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան վրայ իրականացուած ռազմական յարձակումին հետեւանքով բռնագրաւուած տարածքներու իրաւական կարգավիճակին եւ անոնց վրայ տարածուող իրաւական յատուկ դրութեան, պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, կազմակերպութիւններու գործունէութեան առանձնայատկութիւններու, մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ իրաւաբանական անձերու իրաւունքներու եւ շահերու պահպանութեան ու պաշտպանութեան կապուած յարաբերութիւնները:

Այս բոլորի իրագործումը կը սկսի Շուշիի վերստին ազատագրումով: Մեր համազգային նոր երթի ահազանգը դարձեալ Արցախէն պիտի հնչէ` վերամիաւորելու համար համայն հայութիւնը: Ստեփանակերտը համաժողովրդային հաւաքներով փաստեց, որ Արցախը միահամուռ կը մերժէ որեւէ պարտադրուող համաձայնութիւն:

Հիմա, սեղանին վրայ դրուած փաստաթուղթերու նախագիծերու քննարկման առիթով կը յանկերգուին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու իրաւունքները ապահովելու նոր գործիքակազմերու ներդրումներու անհրաժեշտութեան մասին տեսութիւններ: Համայն հայութիւնը պարտաւոր է յայտարարել, որ չկա՛յ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդ հասկացողութիւն. կա՛յ Արցախի Հանրապետութիւն, որուն ժողովուրդը ինքնորոշուած է, ճշդած իր տարածքները ամէնէն ժողովրդավար եղանակներով եւ միջազգային իրաւաչափութիւններու յարգումով:

Ազգերու ինքնորոշում կամ Արցախի Հանրապետութիւն եզրերէն խուսափիլը նշաձողի իջեցման համազօր քայլ է Երեւանի պետական ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Տարիներ առաջ Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած Հայաստանի Հանրապետութիւն- Արցախի Հանրապետութիւն ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը այսօր տարբեր դիրքերէ եւ իրաւական եզրաբանութիւններէ խօսելու կարելիութիւն կ՛ընձեռէր հայկական կողմին:

Նոր ճանապարհային քարտէսի գծագրումը անհրաժեշտ է ու հրամայական: Քարտէս, որուն առաջին փուլը Շուշին է. ապա Հատրութը, ապա Արցախի բռնագրաւուած տարածքները: Այդ քարտէսի հիման վրայ մեր համազգային ուղեւորութիւնը կը յանգի Արցախ-Ազրպէյճան եւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատումի եւ սահմանագծումի` հայաստանեան գերիշխան տարածքներէ ազրպէյճանական զօրքերու հեռացումով պայմանաւորուած:

Ճանպարհային նոր քարտէսի գծման համար Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը ապաբռնագրաւման օրէնքի որդեգրումով փոխանցած է ճանապարհային քարտէսի գծագրման գաղտնաբառը:

Այս նոր գործընթացի առաջին նուաճելի կէտը Շուշին է: 8 մայիսը այսուհետեւ Շուշիի վերստին ազատագրումով մեկնարկելի նոր գործընթաց պիտի խորհրդանշէ:

aztagdaily.com