կարևոր
7651 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-04-03 14:07
Սփյուռք Քաղաքական

Նորագիրներու երդման արարողութիւնը մեր պատասխանն է բոլոր անոնց, որոնք հարուածի տակ կը պահեն թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ Դաշնակցութիւնը

Նորագիրներու երդման արարողութիւնը մեր պատասխանն է բոլոր անոնց, որոնք հարուածի տակ կը պահեն թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ Դաշնակցութիւնը

Այսօր, Կիրակի, Ապրիլի 2ին, Սարդարապատի մէջ, դաշնակցականի իրենց երդումը տուին 50ի շուրջ հայորդիներ։ Անոնք իրենց կեանքին գնով երդուեցան Դաշնակցութեան, դրօշին, Ծրագրին, Կազմակերպական կանոններուն եւ զէնքին վրայ։

Նորագիրներու երդման արարողութիւնը մեր պատասխանն է բոլոր անոնց, որոնք հարուածի տակ կը պահեն թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ (ոչ պատահականօրէն) Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը։

Իսկ այս մասնայատուկ զէնքը, որուն վրայ երդում տուին նորագիրները, կը պատկանի հայկական բանակի բարձրաստիճան սպայի մը։ Զէնք մը, որ կրակած է թշնամիին դէմ, թշնամի փռած է գետնին՝ յանուն արդարութեան, ընդդէմ անարդարութեան։

Արդարութեան վերականգնումի գաղափարը հիմքն է մեր հաւատամքին։

Վաչէ Բրուտեան

Հրապարակագիր