կարևոր
3103 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-02-01 11:34
Քաղաքական

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-Ամեակի Տօնակատարութիւն Այնճարի Մէջ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-Ամեակի Տօնակատարութիւն Այնճարի Մէջ

Կիրակի, 22 յունուար 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան նահատակուած եւ մահացած ընկերներու յիշատակին:

Ապա, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, եկեղեցւոյ «Գ.Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաաշնակցութեան 132-ամեակի տօնակատարութիւն:

Բացման խօսքը արտասանեց Ալին Քենտիրճեան, որ նախ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել բոլոր նահատակներուն յիշատակը, ապա ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած ու անկոտրում կամքով անոր ծառայելու առաքելութիւնը աննահանջ կը շարունակուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ: Մարտահրաւէրները շատ են այսօր, բազմաշերտ ու բազմակողմանի` բռնազաւթուած հայրենիքի մէջ թէ ցիրուցան սփիւռքի, բայց մանաւանդ` տառապող Արցախի մէջ: 132 տարի անխոնջ ծառայութիւն եւ պայքար` Հայաստանի անկախութեան եւ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան ի խնդիր» Իր խօսքի աւարտին ան շեշտեց, որ այսօր ալ թշնամին նոյնն է, նոյն թուրքը, ինչպէս անցեալին, այսօր ալ կը շարունակէ իր հայասպան ու հայրենակործման ծրագիրը. «Բայց նոյնն են նաեւ Դաշնակցութիւնն ու անոր սնուցած «խենթերու» վճռակամութիւնն ու նպատակաուղղուածութիւնը», ըսաւ Ա. Քենտիրճեան:

Ապա գեղարուեստական յայտագիրով իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան եւ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամները` ասմունքով եւ երգերով:

Օրուան բանախօսը` Շահան Գանտահարեան, իր պատգամը յղեց` ըսելով. «Դաշնակցութեան օրուան նշումը Այնճարի մէջ ամէնէն առաջ մեր հայացքները կ՛ուղղէ քառասուն օրուան շրջափակման մէջ եղող Արցախի վրայ, իսկ քառասուն օրուան ժամանակի խորհուրդը այս միջավայրին մէջ անմիջապէս բոլորիս մտաբերել կու տայ Մուսա Լերան աւելի քան քառասնօրեայ հերոսամարտը` դարձեալ շրջափակուած, դարձեալ թուրանական սուրին տակ վերապրող եւ շրջափակումը մերժելու եւ չյանձնուելու համար լեռ բարձրացած հերոսական ժողովուրդին ապստամբութեան գործողութիւնը: Քաղաքական առումով եւս երեւոյթի մը կրկնումը կը պատկերուի մեր մտապաստառին վրայ, շրջափակուած եւ ցեղասպանուելու ընտրանքին դէմ ապստամբուած մուսալեռցիներուն օժանդակութեան հասնելու, միջամտելու քայլ կ՛առնէր Ֆրանսան, այն Ֆրանսան, որ այսօր կը գրաւէ Ազրպէյճանը մեղադրող եւ հասցէական յայտարարութիւն կատարող երկիրներուն առաջին հորիզոնականները: Դէպի Հայաստան եւ Արցախ ամէնէն շատ դիւանագիտական աշխուժութիւն ցոյց տուող երկիրն է Ֆրանսան, եւ պատահական չէ, որ Ազրպէյճանը կտրականապէս դէմ է Փարիզին` միջնորդի կարգավիճակ ստանձնելու»:

Բանախօսը յայտնեց, որ ներկայ օրերուն եւս տխուր զուգահեռ կայ Մուսա Լերան եւ Արցախի միջեւ` տարածքային կորուստներու առումով: «Մուսա Լեռէն հայկական մնացած է այսօր Վագըֆ գիւղը, մինչ Արցախի ազատագրուած տարածքներէն բացի` զիջած ենք նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզէն Շուշին եւ Հադրութը: Դաշնակցութեան օրն է այսօր եւ մենք կ՛անդրադառնանք ամէնէն ցաւոտ խնդրին. թշնամին ներխուժած է հայաստանեան գերիշխան տարածքներ, բռնագրաւած է Արցախի կարեւորագոյն մասը եւ կը սպառնայ նոր Կարսի պայմանագիրներ կնքել»: Ան դիտել տուաւ, որ տագնապի այս օրերուն մենք աւելի պէտք ունինք մուսալեռցի տեսաբան եւ հրապարակախօս Սարգիս Զէյթլեանի բանաձեւին` «Հայկական արեւելումին», որ կը մերժէ թէ՛ ռուսական, թէ՛ նաեւ արեւմտեան հովանաւորչութիւնը, աւելցնելով, որ թուրք եւ ազրպէյճանական դաշինքին դիմադրելու համար անհրաժեշտ են կամք, քաղաքական գրագիտութիւն, հմուտ դիւանագիտութիւն վարելու մարդուժ, տարածաշրջանի իրողութիւններու շտապ իմացութիւն:

Աւարտին Շահան Գանտահարեան լուսարձակի տակ առաւ Այնճարի կարեւորութիւնն ու դերակատարութիւնը. «Դաշնակցութեան օրուան Այնճարի մէջ նշումը չի կրնար աննկատ ձգել Մուսա Լերան շարունակութիւնը հանդիսացող սփիւռքի այս եզակի գիւղը: Հայկական այս գիւղի բնակչութիւնը օրինակ է համախմբումի, միասնականութեան եւ հայկական անխորտակելի դիմադրողականութեան: Մեզի պէտք է մարդուժ, որպէսզի յաջողինք բանալ Բերձորի միջանցքը, վերականգնենք Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը,ճանչցնել տանք հայկական երկրորդ հանրապետութիւնը, համախմբենք սփիւռքը եւ ընդարձակենք Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները: Համոզուած ենք, որ պիտի կերտուի ազգային պետութիւնը», եզրափակեց ան:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ հայրենիքէն ժամանած Արցախի ազատամարտիկ երգիչ Սամուէլ Երանեանի յեղափոխական երգերու մեկնաբանութեամբ: