կարևոր
2719 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-01-10 18:19
Աշխարհ Քաղաքական

Իրանի Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Իրանի Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի այցելութիւնը: Հանդիպումին ներկայ էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեան:

Այցելութեան ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի ներկայ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային-ելեւմտական վիճակը եւ անկէ դուրս գալու կարելիութիւնները, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումն ու Լաչինի միջանցքի փակումը եւ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի հակահայ նկրտումները:

Քննարկումի նիւթ դարձան նաեւ Սուրիա եւ Թուրքիա մերձեցման շուրջ հրապարակուած տեղեկութիւնները, ինչպէս նաեւ Էրտողան-Ասատ հաւանական հանդիպումի մը հորիզոնները: