կարևոր
3037 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-12-02 19:55
Աշխարհ

­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան Ա­թէն­քի մէջ

­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան Ա­թէն­քի մէջ

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ, Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր ընկ. ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան ե­րէկ՝ ­Հինգ­շաբ­թի, 1 ­Դեկ­տեմ­բե­րին աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ ժա­մա­նեց Ա­թէնք եւ դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. կո­մի­տէի ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ։

­Յար­գե­լի ըն­կե­րը հան­դի­պում­նե­րու շարք մը պի­տի ու­նե­նայ յատ­կա­պէս յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րուն հետ, ո­րոնց պի­տի ար­ծար­ծէ Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցը եւ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը, ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի վրայ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան ու 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւանք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը կով­կա­սեան տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս։

­Շա­բաթ, 3 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, ընկ. ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Ար­ցա­խի շուրջ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը՝ հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյ­թին, որ կազ­մա­կեր­պո­ւած է Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի կող­մէ եւ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Ֆիք­սի «Ա. ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հին մէջ։

­Մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը կա­րե­ւոր կը նկա­տո­ւի, լսե­լու ճա­մար զե­կու­ցա­բե­րի ներ­կա­յա­ցու­մը եւ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն ի­րա­զեկ դառ­նա­լու ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ներ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն ու դի­մագ­րա­ւած վտանգ­նե­րուն։

azator.gr