կարևոր
2794 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-11-17 12:35
Քաղաքական

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Յոյս Յայտնեց, Որ Ֆրանսայի Կառավարութիւնը Կը Գործադրէ Ծերակոյտի Պահանջներն Ու Առաջարկները

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Յոյս Յայտնեց, Որ Ֆրանսայի Կառավարութիւնը Կը Գործադրէ Ծերակոյտի Պահանջներն Ու Առաջարկները

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյին յղեց նամակ մը` ողջունելով մէկ օր առաջ Ֆրանսայի խորհրդարանի վերին պալատին` Ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած բանաձեւը, որ կը վերաբերէր հայ-ազրպէյճանական տագնապին:

Հայ դատի մարմինը ողջունեց որդեգրումը բանաձեւին, որ մանրամասն ու դիպուկ կերպով կ՛անդրադառնայ հայ-ազրպէյճանական տագնապին` աւելցնելով, որ նշանակալից էր նիստին իբրեւ պատուոյ հիւրեր ներկայութիւնը Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի:

Հայ դատի մարմինը յոյս յայտնեց, որ ֆրանսական կառավարութիւնը ականջ կու տայ ֆրանսացի ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն յստակ ձայնին եւ ոչ միայն անոնց պահանջներուն ու առաջարկներուն համահունչ քաղաքականութիւն կը կիրարկէ, այլ նաեւ գործնական կերպով կը քաջալերէ միջազգային ընտանիքը հետեւելու իր օրինակին:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ նաեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ բանաձեւի որդեգրումը ողջունող եւ անոր կէտերը փոխանցող հաղորդագրութիւն մը յղեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն: