կարևոր
2746 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-10-31 16:37
Քաղաքական

ՀՅԴ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը՝ զօրակցութիւն Արցախի

ՀՅԴ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը՝ զօրակցութիւն Արցախի

Հոկտեմբեր 30-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական կամքը եկաւ անգամ մը եւս փաստելու, որ Արցախի ճակատագիրը կ'որոշէ արցախահայութիւնը եւ ո՛չ թէ Հայաստանի պարտուողական իշխանութիւնը: Արցախցիներու այս հանրահաւաքը, առաւել եւս՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի միաձայնութեամբ ընդունուած յայտարարութիւնը՝ եղան շառաչուն պատասխանը՝ Երեւանի ՔՊ-ական վարչախումբի վախկոտութեան, օտար իր պատուիրատուներուն տուրք տալու կամայականութիւններուն եւ Արցախը լքելու դաւաճանական հաշիւներուն:

Այսօր, մենք, համա՛յն հայութիւնը, հայրենիքի մէջ թէ ի սփիւռս աշխարհի, մեզմէ հեռու վանելով ամբոխային տրամաբանութեան ամէն ձեւի դրսեւորում եւ օտարամուտ հոսանք, մեր մարտունակ ներուժը վերստին ի մի բերելու հարկադրանքին տակ կը գտնուինք, որպէսզի դիմակայենք Արցախին պարտադրուող դաւերն ու հայրենակործան համաձայնագրերը։ Հասած է այն պահը, որ Արցախեան երրորդ պատերազմէն ետք, միահամուռ ուժերով վերակենսաւորենք Արցախի ազգային ինքնորոշման իրաւունքի ձեռքբերման առաքելութիւնը։

Պա՛հն է՝ միասնաբար պայքարելու Արցախի հիմնահարցը միջազգային եւ համահայկական օրակարգէն դուրս մղելու ՀՀ իշխանութիւններու սադրանքներուն եւ հայրենիքը անդունդ տանող վարքագծին դէմ։

Պա՛հն է վերականգնելու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը ու անցնող երկամեակի բազում կորուստներէն ետք՝ լծուելու համազգային վերակազմակերպման աշխատանքին ու անոր հետեւելիք՝ ազատագրական պայքարի նոր փուլի շղթայազերծման։

Մենք, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի ողջ կառոյցով, դարձեալ կու գանք մեր անսակարկ զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախի ժողովուրդին, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին եւ անգամ մը եւս կը հաւաստիացնենք, որ պատրաստ ենք որեւէ ժամանակ զօրաշարժի ենթարկելու մեր շարքերը, որ մեր ամբողջ կարողականութեամբ՝ կանգնինք Արցախի կողքին։

ՀՅԴ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէ