կարևոր
3337 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-10-07 16:11
Քաղաքական

Այլանդակ խճապատկերը պիտի փշրենք

Այլանդակ խճապատկերը պիտի փշրենք

Հայաստանի շուրջ թաւալող դէպքերը կ’ընթանան այնպիսի տարօրինակութիւններով, որոնք ամէն օր, երբեմն նաեւ ժամ առ ժամ նոր քարեր կ’աւելցնեն այլանդակ, խառնաշփոթութիւն եւ նոր կորուստներ մատնող խճանկարին (մոզայիք) վրայ:

Այսպիսի, եւ անհատնում կերպով ծաւալող, անհեթեթի արուեստն իսկ գլող-անցնող խճապատկերին վրայ, Չորեքշաբթի, 6 Հոկտեմբերին աւելցան քանի մը մասնիկներ: Հայաստանի վարչապետն ու քանի մը լծակիցներ, ներառեալ արտաքին գործոց նախարարն ու խորհրդարանի փոխ նախագահներէն մէկը, Փրակայի մէջ կազմակերպուած՝ եւրոպական լայնածիր գերաստիճանի մը լուսանցքին, հայութիւնը շահագրգռող հանդիպումներ ունեցան Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ: Եթէ Ալիեւի հետ Փաշինեանի հանդիպումը արդէն սովորական է (եւ իւրաքանչիւրէն ետք հայկական կողմը նոր կորուստներ, զիջումներ կ’ունենայ), Էրտողանի հետ դէմ առ դէմ հանդիպումը առաջինն էր:

Ինչպէս 44 երկիր համախմբող համաժողովը, նոյնպէս ալ հայ-թուրք-ազերի հանդիպումներուն կնքահայրն ու հովանաւորն էր Ֆրանսայի նախագահը. ան մասնակցեցաւ ձեռք-թօթուելներուն, զրոյցներուն, իր կողքին ունենալով Եւրոպայի միութեան «խմբապետ» Շարլ Միշէլը, ա՛ն, որ մէկ այլ կնքահայրը կը նկատուի Հայաստան-Ազրպէյճան այսպէս կոչուած՝ խաղաղութեան քայլերու յառաջ մղումին, հրապարակ եկած է արցախցիներու լոկ մարդկային եւ մշակութային իրաւունքներուն պահպանման հնարքով:

Ինչպէս նախընթաց նման ուշագրաւ հանդիպումներու առիթով, հայ հասարակութիւնը այս անգամ ալ առաջին լուրերը ստացաւ թուրք-ազերիական աղբիւրներէ, եւ, ինչպէս սպասելի էր, անոնք եղան առնուազն ո՛չ հայանպաստ, այլ յառաջ քշեցին ազերիական տեսակէտներն ու դիրքորոշումները, արդէն հինցող պահանջները, որոնց անմնացորդ համաձայն է Թուրքիա, չի ծածկեր, որ իր դրդումով է որ կը բանի ազերիական քաղաքական-դիւանագիտական մեքենան: Հիմա պէտք է քիչ մը սպասենք, որպէսզի հայկական կողմը բացայայտէ, թէ ինք ի՞նչ պահանջներ դրած է այս հանդիպումին: Մինչ այդ, թուրք-ազերիական քարոզչութինը պիտի վերածուի… լրատու աղբիւրի: Արդէն այս հանդիպումներուն առաջին նախատեսութիւններն ալ ծնած էին այդ աղբիւներէն, ապա հայկականը եկաւ իբրեւ պոչիկ: Սովորաբար կ’ըսենք՝ «վաղը կ’աժաննան» եւ… մեկնաբանութիւնները կը հարստանան:

(Կատակասէր բարեկամս պիտի հաւաստէր, թէ Փաշինեան եւ խմբակիցները այս անգամ բաւական խիստ կեցուածք ցուցաբերած են: Անոնք ըսած են. «Արախտա՛շ Ալիեւ, եօլտաշ Էրտողան: Ձեր ուզածը խաղաղութիւն չէ: Ազերիական բանակը դարձեալ ու դարձեալ յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ, մեր այս հանդիպումին օրն իսկ սահմանին վրայ նոր յարձակում կատարած է: Ունինք հարիւրաւոր զոհեր, գնդակահարած էք անզէն զինուորներ, կրած ենք նիւթական վնասներ, սահմանամերձ գօտիներ վտանգուած են, մարդիկ կը պատրաստուին հեռանալու: Եթէ այսպէս շարունակէք, ստիպուած պիտի ըլլանք բանակցութիւնները առկախել կամ խզել»: Մի՜ խնդար, սիրելի ընթերցող: Այս մարդիկը նման զրոյցի համար ողնայար չունին):

***
Չորեքշաբթիի հանդիպումները, ցուցադրուած պատկերներէն եւ սկզբնական տեղեկութիւններէն դատելով, մնացած են ջուր ծեծելու ընթացքի մէջ: Արդէն յայտնի է, որ ջուր ծեծելու արարողութիւնը մօտ ատենէն դարձեալ պիտի վերադառնայ Պրիւքսէլ, քայլ առ քայլ հեռւ վազելու… Ռուսիայէն, մինչդեռ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՌՈՒԱԾ գործակութիւնն է նախընտրելին, երէկ, այսօր, այժմ եւ միշտ եւ…

Ազերիական կողմը ամիսներէ ի վեր կը կրկնէ ու կը կրկնէ, թէ ունի հինգ հիմնական նախապայման (իսկ մերոնք չեն տեսներ թէ այդ ցանկը ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ Է ԵՒ ՎԵՐՋ, կը յամառին եւ կո՛ւրօրէն կը պնդեն, թէ բանակցութիւնները կ’ընթանան առանց նախապայմանի): Այդ նախապայմանները յայտնապէս դարձեալ բերուած են սեղան, հոգ չէ թէ հայկական կողմը բացայայտ դարձուցած է թէ ինք շատ ալ չ’ախորժիր անոնցմէ, բայց գործնապէս…: Ու եթէ նախընթաց քանի մը օրերուն, մասնաւորաբար մահասփիւռ յարձակումներէն եւ Ջերմուկի ու այլ աւաններու վտանգումէն ետք, Երեւանէն հնչեցին Ազրպէյճանը դատապարտող – կամ գէթ դատապարտանք խնդրող – խօսքեր (պտիկ մը յոյս բարձրացնելով, թէ ի վերջոյ մտային կուրութեան շրջանը կրնայ վերջ գտնել), յաջորդ օրերուն, յստակ դարձաւ, որ խաղաղասիրութեան ցնորքը չէ փարատած:

Աւելի՛ն, վարչապետը Ազգային ժողովի բեմէն դարձեալ յարձակման անցաւ (ո՛չ թէ իսկական թշնամիին, այլ) ընդդիմադիրներուն դէմ, դարձեալ բացաւ նախկինները մեղադրելու մաշած տոպրակը, յայտարարելով, որ զինք կանխող երկու նախագահներուն օրով էր որ Արցախը տրուած է Ազրպէյճանին: Սա անշուշտ փոթորիկ ստեղծեց (ինչպէս կը պատահի, ամէն անգամ որ Փաշինեան կը պատրաստուի նոր զիջումի եւ ուշադրութիւնները կը շեղէ իրականութիւններէն). «նախկինները» փաստերով եւ վկայութիւններով ցոյց տուին, թէ Փաշինեան… կը ստէ ու կը խեղաթիւրէ իրողութիւնները:

Ամէնէն ուշագրաւ փաստարկումը այն էր, որ եթէ իսկապէս նախկիններն էին Արցախը յանձնողը (Մատրիտեան սկզբունքներով), ապա ինչո՞ւ Փաշինեան իր կազմած երեք կառավարութեանց ծրագիրներուն մէջ ապաւինած էր անոնց: Կամ, մինչեւ իսկ եթէ ըսածին մէջ ճշմարտութիւն կայ, ապա ինք ի՞նչ կ’ընէր չորս ու կէս տարիէ ի վեր, երբ մերժեց նախկիններուն բոլոր ըրածն ու չըրածը, «զրոյական կէտէ պիտի սկսիմ» յոխորտանքներով ճամբայ ելաւ, եւ արդեօք ինք չէ՞ր յայտարարողը, թէ «Արցախը Հայաստան է ու վերջ», իսկ հիմա նշաձողը այնքա՜ն մը իջեցուցած է (բացայայտօրէն թուրք-ազերիական, եւ ո՛չ անպայման ուրիշներուն պահանջով), որ բացայայտօրէն կը զերոյացնէ Արցա՛խն ալ, Հայաստանն ալ, որդեգրած է «Արցախը Ազրպէյճանի մաս կը կազմէ» տեսակէտը եւ չի խօսիր տասնամեակներ առաջ, միջազգային բանակցողներուն իսկ կողմէ հաստատուած՝ Արցախի ժողովուրդին ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ իրաւունքին եւ այլ նախադրեալներուն մասին, կը բաւականանայ ըսելով, որ Հայաստանը միայն իր գլխուն ճարին պիտի նայի (կարծէք թէ Արցախը ափրիկէցիներու պատկանած ըլլար), արցախցիներու չափազանց սահմանափակ իրաւունքները իրենց գործն է այսուհետեւ, թէ՝ պէտք է ապաւինին…

Ազրպէյճանի բարեացակամութեան, ա՛ն Ազրպէյճանին, որ ամէն օր նոր ոճիրներ կը գործէ Հայաստանի ու Արցախի դէմ, բանակցութեան օրն իսկ յայտարարեց, թէ Արցախի հարց չունի, ատիկա իր «ներքին հարցն է», իսկ վաղն ալ կրնայ նոր ու ծաւալուն յարձակումի անցնիլ՝ Սիւնիքը, սահմանամերձ գօտիներ, մինչեւ իսկ (նոյնինքն իշխանաւորներուն արտայայտած մտահոգութիւնը իրականացնելով) հասնիլ Երեւան: Այլապէս, ինչի՞ կը ծառայէին Փրակայի հանդիպումներէն քանի մը ժամ առաջ հրապարակ նետուած այն առաջարկը (եւ սա պերճախօս պատասխան էր ՄԱԿի բեմէն Փաշինեանի ուղղած այն արտառոց հարցումին, թէ արդեօք Ազրպէյճան ինչպիսի՞ սահմաններով կը պատկերացնէ Հայաստանը), թէ Հայաստանի սահմանները պէտք է ճշդուին 1918-20 տարիներու քարտէսներու հիմամբ, իսկ խնդրոյ առարկայ, շինծու քարտէսները օրին մերժուած եւ սնամէջ նկատուած էին միջազգային հանրութեան կողմէ:

***
Թող զգացականութիւն չտեսնուի, եթէ արձանագրենք, որ հայութեան ամէնէն մեծ ողբերգութիւնը, պատմական այս դաժան ու ծանրակշիռ փուլին, միայն այն չէ, որ թուրք-ազերիական կրկնուող եւ վերահաս թշնամանքներուն հովանոցին տակ, Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչները ինչպիսի՜ յամառութեամբ կը վազեն կորուստէ կորուստ, չեն վարանիր թօթուել զոյգ ոճրագործներուն ձեռքերը, իբրեւ թէ բանակցութեան կը նստին անոնց հետ («մանր ողբերգութիւն» մըն ալ այն էր, որ Փրակայի մէջ սարքուած սեղանին մօտ նստած էր լայն ժպիտով շպարուած՝ Հունգարիոյ վարչապետը՝ Օրպան, ա՛յն Հունգարիոյ, որ խղճի ամենա՜յն հանգստութեամբ Ազրպէյճանի յանձնեց իր երդիքին տակ, աւելի քան 15 տարի առաջ, հայ սպայ մը կացինահար սպաննած Սաֆարովը, որ Պաքուի մէջ արժանացաւ պատիւի եւ ազգային հերոսի կոչումին…): Նոյնքան ողբերգական է այն, որ Հայաստանի մէջ, քիչ մըն ալ Սփիւռքի տարածքին, կան բթացած միտքերով «օժտեալներ», որոնք ձեռքերը չեն միացներ պարտուողական եւ Հայաստանն ու ժողովուրդը վնասէ վնաս տանող խմբակին դէմ, որպէսզի վերջ տրուի այս մղձաւանջին, ընդհակառակն, միասնութիւնը կը տեսնեն այս վնասաբեր ուղիին շուրջ համախմբուելու մէջ: Դժբախտութեան մէկ այլ երեսն ալ այն է, որ ընդդիմադիրները յայտնապէս մատնուած են այնպիսի իրողական ամլութեան, որ վնասաբեր շոգեկառքը կը սուրայ անարգել, ճիշդ ու արդար մեկնաբանութիւնները անկարող են փրկութեան լաստ մը հիւսելու…: Լեւոն Շանթ պիտի ըսէր. «Կեանքն իր ճամբով, մահն իր ճամբով»:

***
Սա յետ-գրութեան բաժին մը սեպեցէք, սիրելի ընթերցողներ:

Այս տողերը արձանագրելու պահուն, «յետսամասին» ականջ կու տայի հայերէն երգերու: Քանի մը վայրկեան առաջ լսեցի «Գետաշէն» երգը, որուն բառերը յանկարծ վերանորոգուած իմաստով մը հնչեցին. «Դուն պիտի դիմանաս ու կանգուն մնաս… Մայր Հայաստանի պիտի միանաս, Արցախի դարպասն ես, ամրո՛ց Գետաշէն»:

Թող կոյրը առաջնորդէ կոյրերը, իսկ հայը պիտի գտնէ կամքն ու հզօրանքը՝ Հայաստանին վերամիացնելու ամբողջ Արցախը, ապա նաեւ ճամբան պիտի շարունակէ դէպի մեր բոլոր իրաւունքներուն կենսագործումը: Հայ քաղաքական միտքը պիտի յաջողի փշրել տգիտութեան (չըսելու համար՝ տխմարութեան) այս շղթան, պիտի գտնէ իր ունեցած արդար խաղաքարտերը լաւագոյնս օգտագործելու հնարքները, որպէսզի բարեկամներուն պարտադրէ թէ ինչպէ՛ս կ’ըլլայ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ, որպէսզի վարձկաններ մեր երեսին չնետեն, որ արդարութիւնը կրնայ ընդմիշտ զոհ երթալ նիւթական (ազերիական քարիւղէն սպասուող) շահերուն:

Այլանդակ խճապատկերը պիտի փշրենք ի վերջոյ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
6 Հոկտեմբեր 2022