|
Փոխարժեքներ
08 12 2025
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 381.55 |
| EUR | ⚊ | € 444.54 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.9785 |
| GBP | ⚊ | £ 508.19 |
| GEL | ⚊ | ₾ 141.33 |
Վերջին օրերուն Քեսապի եւ քեսապահայութեան հարցով բաւական մեծ թափ ստացած է ապատեղեկատուութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք` անհիմն եւ անճիշդ լրատուութիւններ շրջանառութեան մէջ դրուած են տարբեր լրատուամիջոցներու կողմէ: Այս շարքին վերջինը կը հանդիսանայ իրականութեան չհամապատասխանող այն լուրը, թէ 1500 հայ զինեալներ Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ Լիբանանէն հասած են Թարթուսի նաւահանգիստ` այնտեղէն մեկնելու համար Քեսապ: Լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները հիմնովին կը հերքեն այս ապատեղեկատուութիւնը, որ ամէն պարագայի վնասաբեր հետեւանքներ կ՛ունենայ:
Կուսակցութիւնները կը վերահաստատեն տեղական եւ շրջանային հարցերուն մէջ հայութեան որդեգրած` հարցերը խաղաղ միջոցներով լուծելու վարքագիծը:
Լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները բոլոր լրատուամիջոցներուն կոչ կ՛ուղղեն միայն ստոյգ եւ իրականութեան համապատասխանող լուրեր հաղորդելու, մերժելով անհիմն եւ յերիւրածոյ նիւթերը: Մենք վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը, գիտակից հայութեան քաղաքական վարքագիծին, հաւատք չ՛ընծայեր նման սուտ լուրերու եւ որեւէ ձեւով չի նպաստեր ապատեղեկատուութեան քաղաքականութեան տարածման:
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ